2013-12-25 11:06:20

Ռայի Պատրիարքը կոչ կ՛ուղղէ Երեսփոխաններուն` պարտադիր ներկայութիւն ըլլալու նախագահական ընտրութեան յատուկ նիստին։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէէն փոխանցեց Ս. Ծննդեան պատգամը, որուն մէջ մերժեց սուրբերու հող Լիբանանը վերածել հուրի ու սուրի, պատերազմի, բռնարարքներու եւ սպանութեան երկրի:
«Լիբանան Աստուծոյ երկիրն է եւ հոն կը տիրէ ազգային միասնականութեան ամբողջ պատմութիւն մը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւն պէտք է հաստատել, իսկ երկրին քաղաքական պատասխանատուները պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն կառավարութիւն մը կազմելու, որպէսզի իսկական խաղաղութիւն հաստատեն եւ երկփեղկուած քաղաքական ուժերուն միջեւ հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը տարածեն:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ քաղաքացիներուն միջեւ ընկերային խաղաղութիւն սփռելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան հաստատեց երկրին ապահովական կայունութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է ապօրինի զէնքին հարցը լուծել:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ եկեղեցին կը մերժէ լիբանանցիներուն կողմէ հողերը ծախելու արարքը:
Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց առեւանգուած մայրապետները, եպիսկոպոսներն ու քահանաները` Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:
Նախագահական ընտրութիւններուն առումով, Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն պարտադիր ներկայութիւն ըլլալու նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի յատուկ նիստին, որպէսզի կարելի ըլլայ սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:








All the contents on this site are copyrighted ©.